Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ խաղողի ու բկեղի օրհնութիւն կատարուած է, Երեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2025-ի առաւօտուն:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքոյ, դպրաց դասի հոգեպարար երգեցողութեամբ հաւատացեալները հոգեպէս ներշնչուեցան։
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամը, հրաւիրելով հաւատացեալները Աստուածամօր առաքինի վարքին օրինակով ապրելու իրենց կեանքը՝ հնազանդելով Աստուծոյ կամքին եւ դժուարութիւններուն մէջ քրիստոնէական հաւատքը մինչեւ վերջ պահելով։ Ան Աստուածամօր բարեխօսութիւնն ու պաշտպանութիւնը հայցեց, որպէսզի կարենանք աստուածահաճ կեանք մը ապրիլ։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր խաղողի եւ բկեղի օրհնութիւն կատարեց, ուխտաւոր ժողովուրդին ներկայութեամբ։
Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորեց ժողովուրդի զաւակները՝ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, աղօթելով, որ Ամենակալը իր հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Քեսապն ու քեսապահայութիւնը։
Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանը, որուն գլխաւորութեամբ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնի եկեղեցական արարողութիւնները լաւագոյնս ընթացան։ Ան գնահատեց Քեսապի թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, դպրաց դասը, բարերարները եւ բոլոր անոնք, որոնք եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելով իրենց ներդրումը բերին։