image

Ռուսիոյ վարչապետը դրուատիքով խօսեցաւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութեանց մասին

Ռուսիոյ վարչապետը դրուատիքով խօսեցաւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութեանց մասին

Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին հինգշաբթի օր ելոյթ ունենալով ռուս-ատրպէյճանական XI միջտարածաշրջանային ֆորումի լիագումար նիստին, յայտնած է, որ  Մոսկուայի եւ Պաքուի համագործակցութիւնը վերջին շրջանին իսկապէս ռազմավարական եւ դաշնակցային բնոյթ ստացած է, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի» լրատուական գործակալութիւնը։

«Վերջին տարիներուն բարեկամութեան եւ գործընկերութեան կապերը աւելի ամրապնդուած են։ Համագործակցութիւնը իսկապէս ռազմավարական եւ դաշնակցային բնոյթ ստացած է»,-ըսած է ան։

Անոր կարծիքով, մեծ ներուժ կայ երկու պետութիւններու միջեւ մարդասիրական համագործակցութեան զարգացման համար։

«Ես ձեզի կոչ կ'ընեմ աւելի աշխուժ օգտագործելու այդ ներուժը», - աւելցուցած է Միշուսթին:

Անոր կարծիքով, կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը ընդհանուր լեզուական տարածութեան պահպանումն ու այն նոր ժամանակակից պայմաններուն յարմարեցնելն է. «Այժմ Ատրպէյճանի մէջ կայ մօտ 340 ռուսալեզու դպրոց։ Շատ երիտասարդներ կը ձգտին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ ռուսերէնով, եւ մենք ատոր համար անհրաժեշտ հնարաւորութիւններ կը ստեղծենք»։

«Մարդասիրական ամուր կապերը յուսալի հիմք կը ստեղծեն մեր երկիրներու քաղաքացիներու միջեւ անմիջական շփումներու ընդլայնման համար եւ մեծ նշանակութիւն ունին բարիդրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար»,- վստահ է Միշուսթին։

Ան յոյս ունի, որ այս ֆորումը փոխգործակցութիւնը պիտի բերէ աւելի բարձր մակարդակի: Ռուսիոյ Դաշնութեան նախարարներու գրասենեակի ղեկավարը վստահեցուցած է, որ կառավարութիւնը պատրաստ է քննարկելու եւ հաշուի առնելու ֆորումի մասնակիցներու առաջարկները. «Տարածաշրջանային կապերու աշխարհագրութեան ընդլայնումը եւ հաստատուած շփումներու ամրապնդումը պիտի նպաստեն մեր երկիրներու տնտեսութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիներու կեանքի որակի բարելաւման»։