Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ իրավիճակը կը բնութագրուի ուժեղ յուզական լոյսի տակ, բայց կարեւոր է թացը չորէն տարբերել եւ չտրուիլ այդ զգացումներուն:
Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեանը տուած հարցազրոյցին այս յայտարարութիւնն ըրած է Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը՝ մեկնաբանելով «Sputnik Արմենիա» ռատիոկայանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Ան ընդգծած է, որ կրնան ըլլալ զգացմունքային պոռթկումներ, առանձին անհատներու յայտարարութիւններ, կրնան ըլլալ անձնական գնահատականներ, որոնք չեն նպաստեր երկկողմ յարաբերութիւններու առողջացման։ Դիւանագէտը, սակայն կը կարծէ, որ պէտք չէ ատոնց չափազանց մեծ նշանակութիւն տալ։ Անհրաժեշտ է յստակ առանձնացնել մարդոց անձնական կարծիքը, որ կրնայ ըլլալ յուզական եւ, հնարաւոր է` անհաւասարակշիռ։
«Դուք ոչ մէկ օրինակ կը գտնէք, որ Ռուսիոյ նախագահը, անոր մամուլի քարտուղարը թէկուզ ինչ-որ ոչ ճիշդ, ոչ կառուցողական որակումներ թոյլ տուած ըլլան Հայաստանի ղեկավարութեան նկատմամբ։ Ես կը կարծեմ, որ մենք, այնուամենայնիւ, պէտք է առաջնորդուենք ատով»,- նշած է դիւանագէտը։
Քոփիրքինը կը կարծէ, որ իրականութեան մէջ հեշտ իրավիճակ չէ, զգացումները շիկացած են։ Սա իր բացատրութիւնն ունի. երկու երկիրներու յարաբերութիւնները պարզապէս միջպետական յարաբերութիւններ չեն։ Կան որոշակի ակնկալիքներ, կան կարծրատիպեր, փոխգործակցութեան, եղբայրական կապերու աւանդոյթներ։ Այս բոլոր գործօնները չեն կրնար չազդել յուզական ֆոնի վրայ:
«Կան որոշակի մտահոգութիւններ, թիւրիմացութիւններ։ Այդ, բնականաբար, վատ է, բայց այդ այն բանի հետեւանքն է, որ մարդկային բաղադրիչը շատ ուժեղ արտայայտուած է յարաբերութիւններուն մէջ: Մարդկային գործօնն առաւելութիւն է, բայց երբեմն նման իրավիճակներու մէջ կրնայ այսպիսի զգացմունքային պոռթկումներ առաջացնել»,-կը կարծէ դեսպանը։
Այս շատ հակասական իրավիճակին մէջ շատ կարեւոր է թացը չորէն տարբերել։ Պէտք չէ անտեսել նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մէջ դուրսէն լրացուցիչ բարդութիւններ մտցնելու փորձերը։