Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էվընս (2004-2006 թուականներուն) Twitter-ի էջին անդրադարձած է Արցախի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
«Որպէս Երեւանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան, ես այլեւս էական շփումներ չունիմ Արտաքին գործոց նախարարութեան կամ Սպիտակ տան հետ:
Այնուամենայնիւ, ես կոչ կ'ընեմ բոլոր իշխանութիւններուն, այդ շարքին՝ ատրպէյճանցի եւ թուրք պաշտօնեաներուն, ընելու հնարաւորը՝ Ղարաբաղի հայերու ճակատագրի հարցը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու համար», - գրած է պաշտօնեան։