ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը հաստատած է՝ Պելճիքայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Բալայեանը սպառնալիքներ ստացած է Ատրպէյճանի դեսպանէն։
«Մեզ հասած տեղեկութիւններով ընդունելութեան ընթացքում վիրաւորանքներ ու սպառնալիքներ են հնչել, որի վերաբերեալ յայտնել ենք բելգիական կողմին յայտագրով, ինչպէս նաեւ Եւրամիութեանը։ Եւ այդ հարցով հետաքննում է տեղի ունենում»,-ըսած է Յովհաննիսեանը։
Նշենք, որ Politico պարբերականը յայտնած էր, որ Տիգրան Բալայեանը «բանաւոր յարձակման եւ ահաբեկման» ենթարկուած է Ատրպէյճանի դեսպան Վաքըֆ Սատիքովի կողմէ, որ «բացայայտ սպառնալիքներ հնչեցուցած է անոր կեանքի դէմ»։
Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ դեսպանատունը պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է միւս դիւանագիտական առաքելութիւններուն՝ ՀՀ դեսպանի՝ Ատրպէյճանի դեսպանէն մահուան սպառնալիքներ ստանալու առթիւ:
Միջադէպը տեղի ունեցած է Պրիւքսէլի Tangla հիւրանոցին մէջ ընդունելութեան ժամանակ: Միջոցառումը կազմակերպած էր Թուրքիոյ դեսպանատունն ի պատիւ երկրի ազգային տօնի:
Այնուամենայնիւ, Politico-ի հետ զրոյցին Սատիքովը հերքած է միջադէպը՝ ըսելով, որ նման մեղադրանքները «ծիծաղելի կը դառնան»: Անոր խօսքով, ընդունելութիւնը «սովորական դիւանագիտական միջոցառում» էր։