image

Ռուսիան կողմ է հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման. Օվերչուք

Ռուսիան կողմ է հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման. Օվերչուք

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը հանդէս կու գայ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու  օգտին՝ ելլելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքէն։

Ախթալայի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք՝ խօսելով հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման մասին։

«Ապաշրջափակումը հնարաւոր է այն պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս, որոնց հնարաւոր եղած է հասնիլ երեք երկիրներու առաջնորդներու մակարդակով, եւ որոնք իրենց արտայայտութիւնը գտած են  9-10 նոյեմբեր 2020 թուականի համատեղ յայտարարութեան մէջ։ Ինչպէս գիտէք, Ռուսիա միշտ պատրաստ է միանալ այս գործընթացին եւ օգնել՝ ելլելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւազօրութեան սկզբունքէն»,- ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը։

Աւելցնենք, որ 2022-ի սեպտեմբերին եւս Օվերչուք յայտարարած էր, որ ճանապարհի նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ'իրականացուի այն երկրի կողմէ, որու տարածքով այն կ'անցնի։