Ռուսերու 81 տոկոսը դրական կը գնահատէ նախագահ Վլատիմիր Փութինի աշխատանքը, հարցուածներու 79%-ը վստահութիւն յայտնած է պետութեան ղեկավարի նկատմամբ։ Այս մասին կը վկայէ «Հասարակական կարծիք» հիմնադրամի ընկերաբանական հարցման արդիւնքները։
Հարցուածներու 11%-ը անվստահութիւն յայտնած է Փութինին։
Հարցուածներու կէսը (53%) կը կարծէ, որ Ռուսիոյ կառավարութիւնը բաւականին լաւ կ՚աշխատի, 25%-ը կը կարծէ, որ Ռուսիոյ նախարարներու գրասենեակը բաւականին վատ կ՚աշխատի։
Ամենշաբաթեայ հարցումը տրուած է 2025 թուականի յուլիս 25-27-ը Ռուսիոյ 97 բնակավայրու մէջ, հարցման մասնակցած է 1,500 մարդ։ Վիճակագրական սխալը չի գերազանցեր 3.6%-ը: