image

Ռուսական ուժերը հարուածած են Օտեսան

Ռուսական ուժերը հարուածած են  Օտեսան

Այս գիշեր ռուսական ուժերը անօդաչուներով հարուածած են Օտեսայի շրջանը, այդ շարքին՝ Օտեսա քաղաքը՝ յայտնած է շրջանի ղեկավար Օլեկ Քիփերը: Քաղաքին մէջ աշխատած է հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, լսուած են պայթումներ:

Հարուածներու հետեւանքով վնասուած են քանի մը բազմաբնակարան շէնքեր, վարչական շէնքեր, պահեստներ եւ մեքենաներ: Լրատուամիջոցներու տուեալով՝ մարդիկ չեն տուժած: Օտեսա քաղաքի մէկ հատուածին մէջ դադրած է ելեկտրամատակարարումը:

Միեւնոյն ժամանակ, լրատուամիջոցները գրած են, որ գիշերը Ռուսիոյ Թուլայի մարզի Ալեքսին քաղաքի մէջ շարք մը պայթումներ որոտացած են, շրջանը ենթարկուած է տրոններու յարձակման։

Նշուած է, որ հարուած կրնայ հասցուած ըլլալ տեղի քիմիական գործարանին եւ Ալեքսինի փորձարարական մեխանիկական գործարանին։ Հարուածներու մասին պաշտօնական տեղեկութիւններ դեռ չկան: