image

Ռուսական թանկերը դէպի Քիէւ

  Ռուսական թանկերը դէպի Քիէւ

Ռուսաստանեան բանակի ծանր հրետանիի հարուածներուն տակ, ՌԴ բանակի թանկերը կ՚ուղղուին դէպի Ուքրանիոյ մայրաքաղաք ՝Քիէւ։ 

Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ Մայատին»ը յղում ընելով Միջզագային ԶԼՄ-ներու տեղական աղբիւրներու։

 Կը նշուի նաեւ , որ Ուքրանական ուժեր այս առաւօտ պայթեցուցած են կամուրջ մը   Թէրէւ  գետին  վրայ կանխելու համար ռուսաստանեան յառաջխաղացքը։

 Մինչ ծանր հարուածներ կը տրուին մայրաքաղաք Քիէվին պաշտօնական աղբիւրներ հաղորդած են, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները պատրաստ են բանակցութեան նստիլ Մոսկուայի հետ։

Յառաջիկայ ժամերը բոլոր առումներով կարեւոր եւ վճռական ժամեր են Նախագահ Փութինի կողմէ շղաթազերծուած այս գործողութեան առընթեր։