image

Ռուսական կողմը հարուածած է Խերսոնի շուկան. կան զոհեր

Ռուսական կողմը հարուածած է Խերսոնի շուկան. կան զոհեր

Ռուսական զօրքերը գնդակոծած են Խերսոնը, հարուածի տակ յայտնուած է քաղաքի կերդոնին մէջ գործող շուկան՝ յայտնած են իշխանութիւնները:

Շրջանային դատախազութեան տուեալով՝ եօթ մարդ զոհուած է։ Ռուսիան չէ մեկնաբանած հարվածներու եւ զոհերու մասին տեղեկութիւնները։

Խերսոնի հանդէպ Ուքրանիան վերահսկողութիւնը վերականգնած է 2022 թուականի աշնան, եւ այդ ժամանակէն ի վեր քաղաքը փաստացի եղած է առաջնագիծի վրայ: Տնեփրի միւս կողմը ռուս զինուորականներն են, եւ քաղաքն ու շրջանը պարբերաբար կը գնդակոծուին։