image

Ռուս խաղաղապահները մարդասիրական բեռ փոխադրած են Արցախ

Ռուս խաղաղապահները մարդասիրական բեռ փոխադրած են Արցախ

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը:

Կը նշուի, որ ռուս խաղաղապահներու կողմէ 30 դիտակէտերու մէջ իրադրութեան եւ կրակի դադրեցման պահպանման շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ՛իրականացուի:

Զօրախումբին հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ` Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով (Լաչինի միջանցք) անարգել երթեւեկութիւնը վերականգնելու հարցով:

Ըստ հաղորդագրութեան, պարեկութիւն իրականացուած Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ է չորս երթուղիներով: Ապահովուած է մարդասիրական բեռով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի երկու շարասիւների ուղեկցումը Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով:

Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի շարասիւնը՝ բարձուած մարդասիրական բեռերով, անցած է Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով։ Մարտունիի շրջանին մէջ իրականացուած է մարդասիրական շարժում, որու ծիրին մէջ բազմազաւակ ընտանիքներուն, հաշմանդամ երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն եւ Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակիցներուն մթերային փաթեթներ տրամադրուած է:

Ընդհանուր առմամբ, 2020 թուականի 23 նոյեմբերէն ռուս խաղաղապահ զօրախումբի ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը ականներէն եւ արկերէն մաքրած են 2510,8 հա տարածք, 689,5 քմ ճանապարհ, 1940 շէնք, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 26.765 պայթիւնավտանգ առարկայ:

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութեան ապահովման եւ հնարաւոր միջադէպերու կանխարգիլման նպատակով կը պահպանուի շարունակական փոխգործակցութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ: