image

Ռուս խաղաղապահները չեն կատարեր իրենց առաքելութիւնը. Փաշինեան

Ռուս խաղաղապահները չեն կատարեր իրենց առաքելութիւնը. Փաշինեան

Ռուս խաղաղապահները չեն կատարեր եռակողմ յայտարարութեամբ իրենց ստանձնած առաքելութիւնը: Այս մասին  La Repubblica թերթի տուած հարցազրոյցին ըսած է վարչապետ նիկոլ Փաշինեան՝ արձագանգելով լրագրողի հարցին, թէ ինչը Ռուսիոյ  ետ կը պահէ Ռուսիոյ միջամտութենէն, որպէսզի 2020-ի 9 նոյեմբերի  համաձայնագիրը յարգուի, որով Ռուսիան պէտք է վերահսկեր Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը։

«Ես չեմ կարող գնահատական տալ այդ առումով, բացի համաձայնուելուց այն ձեւակերպման հետ, որ, ըստ էութեան, այո, ստացւում է, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերը չեն կատարում եռակողմ յայտարարութեամբ իրենց ստանձնած առաքելութիւնը: Եւ սա լուրջ մտահոգութեան առիթ է: Եւ, ըստ էութեան, Լեռնային Ղարաբաղում ռուս խաղաղապահների ներկայութեան հիմնական նպատակներից մէկը հենց քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութիւնն է: Տուեալ դէպքում անվտանգութիւնը, այդ թւում՝ ազատ տեղաշարժի իրաւունքը, չի ապահովւում, եւ դա իսկապէս մտահոգիչ փաստ է»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: