image

Ռուս եւ Գերման քաղաքական գործիչներ թաքուն հանդիպում կայացուցած են Ապու Տապիի մէջ

Ռուս եւ  Գերման  քաղաքական գործիչներ   թաքուն հանդիպում կայացուցած են  Ապու Տապիի մէջ

Գերմանացի լոպպիստներն ու նախկին բարձրաստիճան քաղաքական գործիչները գաղտնի հանդիպումներ կայացուցած են Քրեմլինի վստահելի անձերու հետ կապեր հաստատելու համար, յայտնած է Deutche Welle-ն։

 

Հրատարակութեան տուեալներով՝ գերմանական կողմէն, այլ անձերու կարգին, եղած են Դաշնային վարչապետի նախկին ղեկավար Ռոնալտ Փոֆալա, Պրանտընպուրկի նախկին վարչապետ Մաթիաս Փլացեք եւ Գերմանական-ռուսական գիտաժողովի գործադիր տնօրէն Մարթին Հոֆման։ Ռուսական կողմէն՝ «Կազփրոմի» վերահսկիչ խորհուրդի նախագահ Վիքթոր Զուպքով եւ Մարդկային իրաւանց նախագահական խորհուրդի ղեկավար Վալերի Ֆատեեւ, որ կը գտնուի Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն տակ՝ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ պատերազմը արդարացնելու նպատակով «ապատեղեկատուութիւն եւ քարոզչութիւն» տարածելու համար։

 

Ապու Տապիի մէջ կայացած հանդիպումն առնուազն 4-րդ նմանատիպ հանդիպումն էր։ Նախապէս Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ քաղաքական գործիչները քանի մը անգամ հանդիպած էին Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ։ Պաշտօնապէս հանդիպումները նուիրուած էին «Փիթըրսպըրկեան երկխօսութեան»՝ Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու գիտաժողովի շարունակման, որուն ղեկավարութեան մէջ էին նաեւ այդ քաղաքական գործիչները։