Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարաններու նախագահներու եւրոպական համաժողովի շրջածիրէն ներս Հռոմ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան 15 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Եայէլ Պրաուն-Փիւէի հետ։
Այս մասին նշուած է Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակայնութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
«Հանդիպմանն անդրադարձ է կատարուել Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններին, դրանց հետագայ խորացման հեռանկարներին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հարցերին։
Կողմերը կարեւորել են միջխորհրդարանական կապերի ամրապնդումն ու խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկկողմ յարաբերութիւնների խորացման գործում՝ ընդգծելով երկու երկրների խորհրդարանների միջեւ համագործակցութեան շարունակական զարգացման եւ փոխայցերի կարեւորութիւնը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։