image

Ռուբէն Ռուբինեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Ուաշինկթըն

Ռուբէն Ռուբինեան աշխատանքային այցով   կը մեկնի Ուաշինկթըն

Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը կը գործուղուի Ուաշինկթըն։ Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի՝ ապրիլ 28-ին ստորագրած կարգադրութենէն․

«Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմում աշխատանքային այցով 2023 թուականի ապրիլի 29-ից մայիսի 5-ը Ուաշինգտոն (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) գործուղել Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն ՌՈՒԲԻՆԵԱՆԻՆ», գրուած է կարգադրութեան մէջ: