image

Ռիատի նոր կառուցուելիք օդակայանը կարեւոր հանգոյց պիտի դառնայ

Ռիատի նոր կառուցուելիք օդակայանը կարեւոր հանգոյց պիտի դառնայ

Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ արքայազնը յայտարարած է Ռիատի օդակայանը վեց զուգահեռ թռիչքուղիներով խոշոր օդագնացութեան հանգոյցի վերածելու ծրագիրներու մասին, որ մինչեւ 2030 թուականը պիտի կարողանայ 120 միլիոն ճանապարհորդ ընդունիլ, հաղորդած է SPA պետական տեղեկատուական գործակալութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ պետական ներդրումային հիմնադրամը (PIF) պիտի կառուցէ Սալման թագաւորի անուան միջազգային օդակայանը, որ պիտի զբաղցնէ 57 քառակուսի քիլոմեթր տարածք եւ ներառէ թագաւոր Խալետի անուան ներկայ օդակայանը:

2030 թուականին օդագնացութիւնը համաշխարհային փոխադրային եւ կարեւոր հանգոյց դարձնելը, կառավարութեան ռազմավարութեան մէկ մասն է, իսկ Ռիատի օդակայանը պիտի դառնայ նոր RIA (Riyadh International Airlines) օդանաւային ընկերութեան գործունէութեան կեդրոնը, որ պիտի մրցակցի տարածաշրջանային ծանր քաշային Emirates-ի եւ Qatar Airways-ի հետ:

Թագաւորութիւնը իր առջեւ բարձր նպատակներ դրած է, տնտեսութիւնը զանազանակերպելու եւ նաւթէն կախուածութիւնը նուազեցնելու համար՝ հարիւր միլիառաւոր տոլարներ ներդնելով «Տեսլական 2030» կոչուող ծրագրին մէջ, զոր նախաձեռնած է թագաւորութեան փաստացի կառավարիչ, արքայազն Մուհամմէտը:

«Օդակայանի նախագիծը կը համապատասխանէ մինչեւ 2030 թուականը Ռիատը աշխարհի խոշորագոյն տնտեսութեամբ 10 քաղաքներէն մէկը դարձնելու եւ բնակչութիւնը մինչեւ 15-20 միլիոնի հասցնելու Սէուտական Արաբիոյ տեսլականին», - ըսուած է SPA-ի հաղորդագրութեան մէջ: