image

Ռայիսի Թուրքիա պիտի այցելէ. Յայտնի է թուականը

Ռայիսի Թուրքիա պիտի այցելէ. Յայտնի է թուականը

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին չորեքշաբթի՝ յունուար 24-ին, պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Թուրքիա։

Յայտնած է «ԻՌՆԱ»-ն։

Իրանի նախագահի այցը Անգարա տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի պաշտօնական հրաւէրով։

Թուրք գործընկերոջ հետ հանդիպումէն բացի, կը սպասուի Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու մասնակցութեամբ բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 8-րդ նիստի կայացումը: