Հանրային ռատիոյի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Քոլոյեան յայտնած է, որ կարգադրած է հանել Ռատիոտան լուրերու սենեակին մէջ տեղադրուած ժամացոյցները եւ ձգել միայն Երեւանի ժամանակը ցոյց տուող ժամացոյցը:
Յիշեցնենք, որ Հանրային ռատիոյի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը լրատուական բաժինին մէջ՝ պատէն կախած էր թշնամական երկու պետութիւններու՝ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ ժամանակը ցոյց տուող ժամացոյցներ, ինչ որ դժգոհութեան մեծ ալիք բարձրացուցած էր, սակայն Քոլոյեան յայտարարած էր, թէ պիտի չհանէ թշնամական երկիրները խորհրդանշող ժամացոյցները։
Յաջորդ օրը ռատիոտան աշխատակիցները Պաքուի ցուցանակը փոխարինած էին Ստեփանակերտ ցուցանակով: