Սփիւռքի Ռամկավարները լքած են Նիկոլ Փաշինեանը.168.am
Ըստ հայրենի «168 ժամ» կայքին Սփիւռքի ՌԱԿ-ի շրջանակներ հեռացած են Նիկոլ Փաշինեանէն։
Կայքը, որ այս մասին լրատւութիւն կատարած է նշած է նաեւ, որ մասնաւորապէս Լիբանանի ՌԱԿ մարմինը Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ ժխտական տեսակէտ ունի։
Աղբիւրը նաեւ այդ մէկը պայմանաւորած է անցնող 15 մայիսին Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն ընթացքին ՌԱԿ-ի դրսեւորած կեցուածքներուն հետ, երբ կուսակցութիւնը ընտրական օրակարգով համագործակցած էր ՀՅԴ-ին հետ։
Լուրը կը ներկայացնենք որոշ վերապահութիւններով տրուած ըլլալով, որ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը (որուն ատենապետն է գանատահայ Մայք Խառապեանը) մինչեւ վերջերս կը շարունակէր իր համագործակցութիւնը ՀՀ իշխանութեանց հետ։