Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչն իր հայ գործընկերոջ`Ռուբէն Ռուբինեանին առաջարկած է յաջորդ շաբաթ հանդիպիլ Երեւանի մէջ։
«Ես, Ռուբէն, կ՚առաջարկեմ յաջորդ շաբաթ հանդիպիլ Երեւանի մէջ, այդ պատմական իրադարձութիւն կը դառնայ։ Ես պատրաստ եմ յաճախ այցելելու Երեւան, Ռուբէնն ալ յաճախ թող գայ Անգարա»,-ըսած է Քըլըչը՝ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին։
Ռուբինեանը, արձագանգելով Քըլըչի առաջարկին, նշած է․ «Ես եւ դուք դա յետոյ կը քննարկենք եւ կ՚որոշենք, թէ երբ եւ որտեղ կը հանդիպենք»։ Հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչն իր հերթին առաջարկով հանդէս եկած է․ «Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների ամբողջական կարգաւորմանը եւ սահմանների բացմանը հենց այս պահին, այսօր, վաղը։ Եթէ Սերդարը համաձայնի, կարող ենք հիմա էլ յայտարարել եւ այս ֆորումը դարձնել պատմական»։