29 Սեպտեմբերին Քուէյթի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ պետական KUNA գործակալութիւնը։
Գահաժառանգ իշխան շէյխ Մեշալ Ահմետ Սապահը, որ ստանձնած է իշխող էմիրի պարտականութիւններու մեծ մասը, հրամանագիր հրապարակած է, որով ընտրողներուն կոչ ըրած է 29 սեպտեմբերին ընտրելու 50 անդամ ունեցող նոր կազմ: Հրամանագրին մէջ նշուած է, որ ընտրատարածքներուն պիտի աւելացուին նոր շրջաններ։
Շէյխ Մեշալն այս ամսուն սկիզբը ցրած է խորհրդարանը՝ ըսելով, որ ներքին քաղաքականութիւնը կոտրուած է պառակտումներու եւ սեփական շահերու պատճառով՝ ի վնաս երկրի:
Ան այդ քայլին դիմած է մէկ տասնեակէ աւելի պատգամաւորներու բողոքէ ետք, որոնք կը պահանջէին նոր կառավարութիւն նշանակել:
Նախարարներու գրասենեակի հետ առճակատումը յետաձգած է 2022/2023 ֆինանսական տարուան պետական պիւտճէի եւ տնտեսական այլ բարեփոխումներու հաստատումը։ Պիւտճէն, որ պէտք է յատկացուէր մինչեւ նոյեմբեր, կը նախատեսէր 77,2 միլիառ տոլարի ծախս՝ ի հակադրութիւն 2021/2022 տարուան պիւտճէի 23,48 միլիառի դիմաց:
Քաղաքական կայունութիւնը Քուէյթի մէջ աւանդաբար կախուած եղած է Պարսից ծոցի տարածաշրջանի ամենակենսունակ օրէնսդիր մարմնի՝ կառավարութեան եւ խորհրդարանի համագործակցութենէն: Քուէթի մէջ արգիլուած են քաղաքական կուսակցութիւնները, սակայն օրէնսդիր մարմինն աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի, քան Պարսից ծոցի միւս միապետութիւններուն մէջ:
Տասնամեակներ շարունակ Քուէյթի կառավարութեան եւ խորհրդարանի միջեւ առկայ փակուղիները յաճախ յանգեցուցած են գրասենեակի վերադասաւորումներու եւ օրէնսդիր մարմնի լուծարման՝ խոչընդոտելով ներդրումներն ու բարեփոխումները: Խորհրդարանը վերջին անգամ ցրուած է 2016 թուականին, կը յիշեցնէ Reuters լրատուական գործակալութիւնը։