Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամ Թոմ Մըքքլինթոքը Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը:
«Մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ տեղի ունեցած վայրագութիւններն ու ատոնց տուած դասերը եւ թրքական կառավարութենէն կը խնդրենք նոյնը ընել։ Ի հարկէ, երեխաները մեղաւոր չեն ծնողներու մեղքերու համար, բայց անցեալի ազնիւ ճանաչումը կրնայ մեզ ետ պահել այդ մեղքերու կրկնումէն:
Մենք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ անոնց փոխանորդներու կատարած վերջին յանցագործութիւններուն եւ կ՚աղօթենք, որ ատոր համար պատասխանատու մութ ուժերը ապաշխարին»,-ըսած է քոնկրեսականը։