Ռոպերթ Քոչարեանը հրաժարած է ընդգրկուելէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ: Այս մասին յայտնած է ՀՀ երկրորդ նախագահի գրասենեակի համակարգող Բագրատ Միկոյեանը:
«Նախագահ Քոչարեանը հրաժարուել է ընդգրկուել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհրդի կազմում` կապուած հիմնադրամի կողմից վերջին ժամանակահատուածում ֆինանսական թափանցիկութեան, վստահելիութեան եւ հաշուետուողականութեան կորստի հետ», փոխանցած է ան:
Յիշեցնենք` 44-օրայ պատերազմի ժամանակ «Մենք ենք, մեր սահմանները» խորագրով համազգային դրամահաւաք-արշաւի ժամանակ հաւաքագրուած միջոցներէն աւելի քան 52 միլիառը փոխանցուած էր պետական պիւտճէ:
2020 թուականի Նոյեմբեր 18-ին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը ԱԺ–ի մէջ պատգամաւորներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ յայտնած էր, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներուն մէկ մասը ծախսուած չեն, մէկ մասը պատերազմի ընթացքին նուիրաբերուած էր ՀՀ կառավարութեան: Այս յայտարարութիւնը շահարկումներու առիթ դարձած էր, եւ մեղադրանքներ կը հնչէին «Հայաստան» հիմնադրամի հասցէին: