image
Հրատապ լուրեր:

Քոչարեան հանդիպած է «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներուն

Քոչարեան  հանդիպած է «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներուն

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, մայիս 4-ին, հանդիպած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ագնեսա Խամոյեանը։

Խամոյեանը նշած է, որ խմբակցութեան պատգամաւորները պարբերաբար հանդիպումներ կ'ունենան «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի հետ։

«Ամենատարբեր հարցերի շրջանակներն ենք երէկ քննարկել»,-ըսած է Խամոյեանը։