image

Քրեմլէն զսպուածութեան կոչ՝ կողմերուն

Քրեմլէն զսպուածութեան կոչ՝ կողմերուն

Ռուսիան Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զսպուածութեան կոչ ըրած է։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը՝ անդրադառնալով փետրուար 13-ին հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած միջադէպին։

«Մտահոգիչ լուրեր կը ստանանք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի շփման գիծէն, երկու կողմերուն ալ զսպուածութեան կոչ կ՚ընենք։ Շատ ուշադիր կը հետեւինք եւ պիտի շարունակենք մեր շփումները երկու կողմերու հետ»,- նշած է ան, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը։

Փեսքովի խօսքով՝ նման միջադէպերը չեն նպաստեր խաղաղութեան գործընթացի առաջմղման եւ «պայմանագրի ստորագրման մօտենալուն»։