image

Խորհրդային միութեան 1974-78 թթ․ քարտէզները միջնորդները տրամադրած են կողմերուն․ Կոստանեանը՝ Լաւրովի յայտարարութեան մասին

Խորհրդային միութեան 1974-78 թթ․ քարտէզները միջնորդները տրամադրած են կողմերուն․ Կոստանեանը՝ Լաւրովի յայտարարութեան մասին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանն արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կրնան իրենց բախտը փորձել եւ բանակցիլ արեւմտեան հարթակներու վրայ, սակայն Խորհրդային միութեան ժամանակներէն մնացած քարտէզները, որոնք կրնան որպէս հիմք ծառայել երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման համար, միայն Ռուսիոյ մօտ կան։ 

Վահան Կոստանեանը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին նշած է, որ Խորհրդային միութեան 1974-1978 թուականներու քարտէզները միջնորդները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն տրամադրած են։

«1974-1978 թուականների քարտէզները, որոնց մասին խօսւում է, կան․ ե՛ւ հայկական կողմն է ծանօթ դրանց, ե՛ւ ադրբեջանական կողմը: Այդ քարտէզները տարբեր միջնորդների կողմից տրամադրուել են կողմերին»,-ըսած է Կոստանեանը։