image

Քրեմլէն հաստատում. Սկսած է ռուս խաղաղապահներու դուրսբերումը բռնագրաւուած Արցախէն

Քրեմլէն հաստատում. Սկսած է ռուս խաղաղապահներու դուրսբերումը բռնագրաւուած Արցախէն

Քրեմլի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին հաստատած է, որ սկսած է ռուս խաղաղապահներու դուրսբերումը բռնագրաւուած Արցախէն։

Նախօրէին տեղեկութիւնը հաղորդած էին ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցները:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ռուս խաղաղապահները հեռացած են Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Դադիվանքէն, եւ որ ապրիլ 15-էն վանքը կը գտնուի Ատրպէյճանի ոստիկանութեան վերահսկողութեան տակ։

Ըստ լրատուամիջոցի, այսպիսով սկսած է ռուսական խաղաղապահներու դուրսբերման գործընթացը Լեռնային Ղարաբաղէն։

Նշենք, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը ժամանակաւորապէս տեղակայուած էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ 2020 թուականի 10 նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան հետեւանքով։