image

Քրեմլ յստակեցում կը պահանջէ. Ռուս-թրքական գիծին վրայ անհամաձայնութիւններ կան

Քրեմլ  յստակեցում կը պահանջէ. Ռուս-թրքական գիծին վրայ անհամաձայնութիւններ կան

Քրեմլը յոյսով է, որ այլ երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու զարգացումը ուղղուած չըլլար Ռուսիոյ դէմ. բացի այդ, Քրեմլը Անգարայէն պարզաբանում կ'ակնկալէ թրքական տարածքին մէջ գտնուող ուքրանական «Ազով» ազգային գումարտակի հրամանատարները Քիեւին յանձնելու իրավիճակի վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, յայտնած է ԹԱՍՍ-ը:

Քրեմլի ներկայացուցիչէն խնդրած են գնահատել վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս՝ թրքական տարածքին մէջ գտնուող «Ազով»-ի հրամանատարներու տեղափոխումը Քիեւ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ թրքական Bayraktar անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան գործարանի շինարարութեան մեկնարկը։

«Ի հարկէ, որպէս ժամանակակից պետութիւն, Թուրքիան բացարձակ իրաւունք ունի զարգացնելու յարաբերութիւնները որեւէ երկրի, այդ շարքին՝ Ուքրանիոյ հետ: Բայց, ի հարկէ, ըլլալով Թուրքիոյ հետ գործընկեր, մենք կ'ուզենք յուսալ, որ այդ յարաբերութիւններու զարգացումը ուղղուած չըլլար մեր դէմ»,-ըսած է ան։

«Ի հարկէ, մեր երկխօսութեան ընթացքին մենք կ'ակնկալենք թրքական կողմէն պարզաբանումներ ստանալ կատարուածի վերաբերեալ»,-ըսած է ան լրագրողներուն։ Ռուսական կողմը, անոր խօսքով, այս դէպքը հաշուի պիտի առնէ հետագային Անգարայի հետ ձեռք բերելիք պայմանաւորուածութիւններուն մէջ:

Քրեմլի խօսնակը ռուս-թրքական յարաբերութիւնները բնութագրած է որպէս «բաւականին սերտ, զարգացած, բազմակողմանի եւ փոխշահաւէտ»:

«Կան որոշակի հարցեր, որոնց շուրջ մենք տարաձայնութիւններ ունինք»,- աւելցուցած է ան: