image
Հրատապ լուրեր:

Քլաար կը շեշտէ խաղաղութեան հասնելու հրամայականը

Քլաար կը շեշտէ խաղաղութեան հասնելու հրամայականը

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար Պաքու է։ Ան այդ մասին գրած է թուիթըրեան էջին:

«Վերադարձ Պաքու. անհամբեր կը սպասեմ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ առարկայական բանակցութիւններուն՝ Միւնիխի հանդիպումներէն ետք խաղաղ գործընթացը զարգացնելու համար։

Այսօրուան մահացու միջադէպը կ'ընդգծէ կայունութեան եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացի կարեւորութիւնը»,- գրած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչը։

Յիշեցնենք, որ Մարտի 5-ին ժամը 10։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժի ներթափամցող խումբը թիրախաւորած եւ կրակ արձակած էր ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ, որու հետեւանքով զոհուած է 3 ոստիկանութեան ծառայող եւ 1 ծառայող՝ վիրաւորուած: