Քիեւ Իրանը մեղադրած է Ռուսիոյ ԱԹՍ-ներու ենթադրեալ մատակարարման մէջ։
Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի խորհրդական՝ Միխայիլ Փոտոլեակ ըսած է, որ Իրան «որոշած է աջակցիլ ուքրանացիներու սպանութեան՝ Ռուսիա տեղափոխելով ժամանակակից անօդաչու թռչող սարքեր»։ «Տարիներու պատժամիջոցները, մեկուսացումը, վատ համբաւը եւ վերջնական ռազմավարական վերականգնումը երբեք Իրանին հնարաւորութիւն չեն տուած հասկնալու, թէ ինչպէս բարձրանալ քաղաքակրթութեան յատակէն»,-գրած է ան Twitter-ի իր էջով։
Աւելի վաղ Ուքրանացի արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է զրկել Իրանի դեսպանը հաւատարմագրումէն։
«Իրանական կողմին ըսուած է, որ իրանական զէնքի մատակարարումը Ռուսիոյ՝ ռուսական զօրքերու կողմէ Ուքրանիոյ խաղաղ բնակչութեան եւ պաշտպանութեան ուժերու դէմ հետագայ օգտագործման համար, ուղղակիօրէն կը հակասէ չէզոքութեան դիրքորոշման, յարգանքին Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, որ հրապարակայնօրէն յայտարարուած է Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ»,-յայտնած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Թեհրան դեռ չէ մեկնաբանած Քիեւի վերջին քայլը։