Քեսապի հայկական աւանը օրերս կորսնցուցած է իր նուիրեալ եւ պատուական անդամներէն, երէց սերունդի ներկայացուցիչ՝Մովսէս Աւետիս Մանճիկեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալ պապիկի հարազատներէն։
Կը նշուի, որ Մովսէս Աւետիս Մանճիկեան Ծնած 1929 Քեսապի Գարատուրան գիւղին մէջ։
Երիտասարդ տարիքէն կը սկսի իր կեանքի ուղեւորութիւնները դէպի Հալէպ, ապա Պէյրութ ու Փարիզ։
Ժամանակ մը Ֆրանսայի մէջ ապրելէ ետք մեծ կարօտի զգացումով կը վերադառնայ իր սիրելի ծննդավայրը՝ Քեսապ եւ ընտանիք կը կազմէ իր սիրեցեալ Լիբանան Մարի Գալենտերեանին հետ, բախտաւորուելով 4 պարկեշտ եւ նուիրեալ զաւակներով՝ Յասմիկ, Անի, Աւետիս եւ Շաքէ ։Մովսէս Մանճիկեան եղած է եզակի եւ պարկեշտ կուսակցական Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան։ Ան կանուխ տարիքէն ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ աւելի քան 10 տարիներ վարելով յատկապէս ՀԲԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի ատենապութեան պաշտօնը։
Խիզախ դրուագներով լեցուն իր քաջարի կեցուածքներուն շնորհիւ Մովսէս կը վաստակի Քեսապի հայութեան սէրն ու վստահութիւնը եւ այնուհետեւ զինք կը կոչեն՝ Մէպուս (այլ խօսքով՝ երեսփոխան)։
Իր առօրեայ կեանքին կողքին ան ճարտարօրէն կը հիւսէ անեկդոտներ ու կը գրէ նաեւ պատմուածքներ։
Վերջին տարիներուն, երբ Փարիզ կ՚այցելէր ծանրօրէն կը հիւանդանար ու այդ առիթով ալ (ինչպէս «Արեւելք»ին պատմեցին իր հարազատները)
կը յօրինէ այս տողերը՝
«Խուրունկ բէցէք փուսը թուղ քու հագչայ մէպուսը։
Իս կը կարդում էվետուրուն չըմ մառնուզ քի Գելէտուրուն...»
Խունկ ու յարգանք Քեսապի մոհիկաններէն՝ Մովսէս Մանճիկեանի յիշատակին
Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են իր սիրելի ծննդավայր՝ Քեսապի մէջ։