Քառասնօրեայ պահեցողութեան առթիւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ նուիրեալ հոգեւոր հովիւ եւ բնիկ Մուսալեռցի Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան
օրերս տուած է պատգամ մը, եւ անոր շահեկանութեան զայն թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Պահքի ընթացքին բարիքներ կատարենք։
12 Փետրուարին Մեծ Պահքը սկսաւ , որ ըստ Հայոց Եկեղեցւոյ տոմարին ծոմերուն ամենաերկարն է։ Քառասնօրեայ Մեծ Պահքի շրջանը իր ուրոյն տեղը ունի հայ հաւատացեալին կեանքին մէջ։ Այս աղօթքի, զոհաբերութեան եւ բարի գործերու յատուկ ժամանակն է, որ մեզ կը նախապատրաստէ Սուրբ Զատկուան՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին:
Ընթերցումներուս ժամանակ ուշադրութիւնս գրաւեց եւ յուզեց զիս Մայր Թերեզայի գրած յօդուածը, ուր ըսած է. «Աստուած ստեղծած է մեզի, որպէսզի մեծ սիրով փոքր բաներ ընենք: Ես կը հաւատամ, որ մեծ սէրը, որ սիրտէն կը բխի, պէտք է սկսի տունէն՝ մեր ընտանիքին հետ, կողքը ապրող դրացիին հետ. եւ այդ սէրը պէտք է հասնի բոլորին»: Այս արտայայտութիւնը զիս իսկապէս մտածել տուաւ, թէ ինչու մեզմէ իւրաքանչիւրը այս պահքի շրջանին փոքր ներդրում մը չընենք, որ օգուտ կը բերէ ուրիշներուն:
Բարութիւնը սկզբունք է, որ յիշատակուած է Աստուածաշունչին մէջ։ Աստուած բարութիւն կը ցուցաբերէ, եւ այդ Իր յատկանիշներէն է, որուն իբրեւ օրինակ պէտք է հետեւինք։ Կողոսացիներուն ուղղած Սուրբ Պօղոսին նամակը կը հրաւիրէ մեզ անորմով «զգեստաւորուելու». «Ուրեմն՝ որպէս Աստուծոյ ընտրեալ, սուրբ եւ սիրելի ժողովուրդ՝ զգեստաւորուեցէ՛ք կարեկցանքով, բարութեամբ, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ»։ Կողոսացիս 3.12։
Կը յորդորեմ բոլորդ ըլլալու առատաձեռն ձեր բարի գործերուն մէջ։ Նկատի ունեցէք նուիրատւութիւն կատարելու Քամիշլիի (Սուրիա) Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ վերակառուցման կամ Արցախի ժողովուրդին օգնութեան համար. կամ կատարեցէք այլ բարեգործութիւն կամ բարութիւն մը: Ձեր արարքները, ըլլան անոնք մեծ թէ փոքր, անճանաչ չեն մնար անոնց կողմէ, որոնց կեանքին կը դիպչիք. անոնց որոնք ականատես կ՚ըլլան ձեր բարի գործերուն, ինչպէս նաեւ ամենակարող Աստուծոյ կողմէ:
Թող Աստուած օրհնէ մեզ բոլորս քառասնօրեայ բեղմնաւոր ճանապարհով, դէպի մեր Տիրոջ Յարութեան կենարար տօնը: