image
Հրատապ լուրեր:

«Եղածը քաղաքական հետապնդում է». Քաջարանի ղեկավար Մանուէլ Փարամազեանը կրկին պիտի կալանաւորուի

 «Եղածը  քաղաքական հետապնդում է». Քաջարանի ղեկավար Մանուէլ Փարամազեանը կրկին պիտի կալանաւորուի

Քաջարան համայնքի ղեկավար Մանուէլ Փարամազեանը կրկին պիտի կալանաւորուի, ֆէյսպուքի էջով գրած է փաստաբան Երուանդ Վարոսեանը:

«Վերաքննիչ դատարանին հրահանգեցին կրկին կալանաւորել Քաջարան համայնքի ղեկավար Մանուէլ Փարամազեանին...», գրած էէ փաստաբանը:

Յիշեցնենք, որ Մանուէլ Փարամազեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 38-178-րդ յօդուածի 3-րդ մասով, 311-րդ յօդուածի 4-րդ մասով եւ 154.2-րդ յօդուածի 2-րդ մասով: Առաջադրուած մեղադրանքները Մանուէլ Փարամազեանը չ'ընդունիր, կը գտնէ, որ այս ամէնը իր նկատմամբ սանձազերծուած քաղաքական հետապնդման շղթայի մէկ մասն է:

Աւելի վաղ ան կալանաւորուած էր, սակայն Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշմամբ փոխուած էր կիրառուած խափանման միջոց կալանաւորումը եւ որպէս խափանման միջոց ընտրուած էր գրաւը` 70 միլիոն դրամի չափով: