image

Քաղաքացիներու 64%-ը ոչ մէկուն կը հաւատայ. «Միջազգային հանրապետական ինստիտուտի» հարցում

Քաղաքացիներու 64%-ը ոչ մէկուն կը հաւատայ. «Միջազգային հանրապետական ինստիտուտի» հարցում

«Միջազգային հանրապետական ինստիտուտ»ի կողմէ 2022 թուականի յունիսին իրականացուած հարցման արդիւնքով, թէ ո՞ր քաղաքական գործիչին կամ անձին ամենաշատը կը վստահին, հարցուողները նշած են՝ Նիկոլ Փաշինեան՝ 16%, Ռոպերթ Քոչարեան՝ 3%, ոչ մէկուն՝ 64%, այլ պատասխան՝ 8%:

Այն հարցին, թէ ո՞ր քաղաքական կուսակցութեան կամ դաշինքին ձայն կու տային, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենային յաջորդ կիրակի օր, հարցուողները նշած են՝ ՔՊԿ՝ 25%, «Հայաստան» դաշինք՝ 6%, ՀՅԴ՝ 2%, ՀՀԿ՝ 1%, չի պատրաստուիր քուէարկել հարցուածներու 25%, ոչ մէկուն՝ 15%:

Հարցին, թէ որքանո՞վ գոհ էք կամ դժգոհ գործող Կառավարութեան նախարարներու աշխատանքէն, հարցուողներու  62 տոկոսը նշած է որ շատ գոհ է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութենէն, 48 տոկոսը՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն, 43 տոկոսը՝ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութենէն, 39 տոկոսը՝ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն, 37 տոկոսը՝ ՀՀ Բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարարութենէն, 36 տոկոսը՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն, 36 տոկոսը՝ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն, 35 տոկոսը՝ ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութենէն, 33 տոկոսը՝ ՀՀ Ելեւմուտի նախարարութենէն, 33 տոկոսը՝ ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն, 31 տոկոսը՝ ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութենէն, 29 տոկոսը՝ ՀՀ արդարադատութեան նախարարութենէն: