image

Պուտաբեշտ. Հունգարիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքը ունեցաւ հոգեւոր նոր հովիւ

Պուտաբեշտ. Հունգարիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքը ունեցաւ հոգեւոր նոր հովիւ

Օրերս Հունգարիոյ հայ կաթողիկէ համայնքը ունեցած է նոր հովիւ-ժողովրդապետ յանձինս Հ. Պետրոս վրդ. Մարաշլեան։ 

Մշտանորոգ յաջողութիւններ կը յայտնենք սիրելի վարդապետին ու ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողաց կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

24 Օգոստոս 2025ի առաւօտեան ժամը 11ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծռ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթերեան սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Հունգարիոյ Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։

Օրուայ յաւուր պատշաճի խօսքէն առաջ, Գերապայծառ հայրը Հունգարիոյ համայնքին ներկայացուց նոր հոգեւոր առաքեալը՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան՝ Գեր. Հ. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանը։

Պատարագին մասնակցեցան “Hungary Helps”ի պետքարտուղարի տեղակալ՝ Պրն. Պիտր Քովաչ, փոքրամասնութիւններու խօսնակ Պրն. Նիկողոս Յակոբեան եւ տեղւոյն ժողովրդապետութեան կառավարիչ՝ հայր Ժոլդ Պաքոշ։

Պատարագի աւարտին բոլորը միասին բարձրացան եկեղեցւոյ դահլիճ, ուր՝ նոր առաքեալին բարի գալուստի մաղթանքներ փոխանցեցին։