Ատրպէյճանցիները Տիգրանակերտի արքայական աղբիւրներու պուրակը վերածած են խորովածանոցի: Այս մասին կ'ահազանգէ Արցախի յուշարձաննեուի մշտադիտարկմամբ զբաղող Monument Watch կազմակերպութիւնը:
«44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Արցախի Տիգրանակերտը եւս անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբին կողմէ պեղուած ջրաւազանի կողքին ատրպէյճանցիները պեթոնապատ հարթակ կառուցած եւ խորոված ընելու կրակարաններ տեղադրած են, որոնցմէ մէկը պեղուած ջրաւազանի եզրին դրած են։ Խորհրդային տարիներուն ատրպէյճանցիները ճաշարանի վերածած էին 18-րդ դարի կէսերուն աղբիւրներու հարեւանութեամբ կառուցուած ամրոցը: Նկատենք, որ 2010 թուականէն ի վեր՝ մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը ամրոցին մէջ տեղադրուած էր Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանը, իսկ արքայական աղբիւրներու պուրակին տարածքը բարեկարգուած էր եւ կը ծառայէր որպէս մշակութային միջացառումներու հարթակ», կ'ըսուի կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Մասնագէտները կը վկայակոչեն ատրպէյճանցի հեռուստալրագրող Սատեթ Մամետովայի եութուպեան ալիքին մէջ 2021 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին տեղադրուած տեսաձայնագրութիւնը, որուն մէջ կը ներկայացուի, որ Տիգրանակերտի արքայական աղբիւրներու պուրակը վերածուած է խորովածանոցի: