image

Պոլսոյ մէջ. Կեդրոնական Սանուց Միութիւնը նոր վարչութիւն ունի

Պոլսոյ մէջ. Կեդրոնական Սանուց Միութիւնը նոր վարչութիւն ունի

Օրերս, Պոլսոյ Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ գումարուած է ընդհանուր ժողով, որու աւարտին, քուէարկութեամբ, ձեւաւորուած է Կեդրոնական Սանուց Միութեան նոր վարչութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ մեր գործընկեր՝ «Նոր Մարմարա»էն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Կեդրոնական Սանուց Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ երէկ ընտրութիւն կատարուեցաւ եւ յայտնի դարձաւ վարչութեան նոր կազմը։ Ժողովին ատենապետեց Մուրատ Ճաւաք, քարտուղարութիւնը ստանձնեց Արտա Էրօլ, իսկ քուէները համրուեցան Արթին Միլտոնի գլխաւորութեամբ։

Առաջադրուած վարչութեան կազմը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ ժողովին ներկայ կեդրոնականցիներու կողմէ։ Վարչութիւնը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի. Գէորգ-Տիրան Պիւյիւքսիմքէշեան, Նաթալի Պայրագտարեան, Արիանա Սվասլըօղլու, Կարօտ Արծիւեան, Մասիս Թաշը, Արսէն Էօզգալայ, Առէն Տատըրօղլու, Արթին Միլտոն, Արթուն-Թորոս Արծիւեան, Արման Էօզտէմիր, Վրէժ Շէշէթեան։

Բացի ատկէ, քուէարկութեամբ որոշուեցաւ նաեւ քննիչ յանձնախումբի կազմը։ Այդ անդամներն են՝ Պօղոս Չալկըճըօղլու, Վարդավառ Ճաւաք, Մուրատ-Հայրապետ Ագգայա, Առէն Սէմէրճեան, Արտա Էրօլ եւ Կարօ Պոյաճը։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։