image

Պոլսոյ մէջ. Երիտասարդ համայնքային գործիչ՝  Յակոբ Տուրսունի մահը

Պոլսոյ մէջ. Երիտասարդ համայնքային գործիչ՝  Յակոբ Տուրսունի մահը

Պոլսոյ մէջ, օրերս, իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երկար տարիներէ ի վեր իր նպաստը բերած, համայնքային գործիչ Յակոբ Տուրսուն։

Տխրունիին մասին  «Արեւելք» իմացաւ  Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք  պարբերականին կողմէ տրուած մահագրութիւնը՝

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ յայտնի համայնքային գործիչ Յակոբ Տուրսուն երէկ կնքած է իր մահկանացուն։ Բօթը խոր ցաւ ստեղծած է՝ նկատիունենալով, որ Յակոբ Տուրսուն երկար տարիներէ ի վեր բարի կամեցողութեամբ իրնպաստը կը բերէր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

Բացի Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին անդամակցելէ, համայնքային վերջին ընտրութիւններուն Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյթաղային խորհուրդին ղեկը յանձնուած էր՝ Յակոբ Տուրսունի կողմէ գլխաւորուածցանկին։ Ան թէեւ մեծ եռանդով գործի ձեռնարկած էր, սակայն առողջականհարցերու հետեւանքով որոշ ժամանակ անց հերթը փոխանցած էր այժմուատենապետուհի Մարի Գավաֆեանին։

Ցաւալի է, որ Յակոբ Տուրսուն երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած է առանցխոր ծերութեան հասնելու, սական, անողոք հիւանդութիւնը վերջին տարիներունգրեթէ կաթուածահար ըրած էր իր առօրեան։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու կըվշտակցինք իր այրիին, հարազատներուն եւ համայն ընտանիքին։