image

Պոլսահայ Տարօն Աճէմօղլուն Առաջին Դիրքի Վրայ

Պոլսահայ   Տարօն Աճէմօղլուն  Առաջին Դիրքի Վրայ

«RePEc» տնտեսական հետազօտութիւններու կեդրոնի կազմած աշխարհի ամենանշանաւոր տնտեսագէտներուն վերաբերող վարկանշայի աղիւսակին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ պոլսահայ ամերիկաբնակ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն: Այս փաստին, ըստ Ermenihaber.am-ի, առանձնակի ուշադրութեամբ անդրադարձած են թրքական յառաջատար լրատուամիջոցները:Յայտնի դարձած է, որ նշանաւոր տնտեսագէտներու վերոյիշեալ ցուցակը կազմելու ժամանակ քննարկուած է 2.223 տնտեսագէտի թեկնածութիւն: Հաշուի առնուած են տնտեսագէտներու վերջին 10 տարիներու գիտական գործունէութիւնը, տնտեսագիտական աշխատութիւնները, այնտեղ կատարուած մէջբերումները եւ մասսայականութիւնը:Նշենք, որ Տարօն Աճեմօղլուն ծնած է 1967-ին Պոլսոյ մէջ։ 1986-ին  աւարտած է Կալաթասարայի վարժարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Անգլիոյ «Եորք» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինին մէջ: Գիտական աստիճան ստացած է Լոնտոնի տնտեսագիտական համալսարանին մէջ, ուր դասաւանդած է 1992-1993 թուականներուն: 1993-էն սկսեալ կը դասաւանդէ ԱՄՆ-ի Մասաչուսէթսի համալսարանի ճարտարագիտկան ուսումնարանին մէջ: Նշենք, որ Աճէմօղլու ամիսներ առաջ  Skpe-ով մասնակցած էր  Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Երեւանի մէջ կազմակերպած  «Երիտասարդական Ֆորում»ին: