image

60 Հազար իսրայէլացի զինուորներ՝ Կազան ամբողջութեամբ գրաւելու ծրագրին համար

 60 Հազար իսրայէլացի զինուորներ՝ Կազան ամբողջութեամբ գրաւելու ծրագրին համար

Իսրայէլի 12-րդ ալիքը յայտնած է, թէ վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու մտադիր է այսօր՝ հինգշաբթի, մեկնիլ երկրի հարաւային գօտին՝ հաստատելու Կազա քաղաքը ամբողջութեամբ գրաւելու ծրագիրը։

 Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ արաբական լրասփիւռներէ։

Կը նշուի, որ շուրջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի 60 հազար զինուորներ պատրաստ են ծրագրի առաջին փուլը սկսելու համար, կը կրէ՝ «Գիտէոնի քառասայլեր 2» անուանումը

Նեթանիահուի գրասենեակէն նաեւ յայտարարուեցաւ, թէ ան կրճատած է գործողութեան ժամանակացոյցը՝ «Համաս»ի ջոկատները զսպելու եւ զայն պարտութեան մատնելու համար։

Միւս կողմէ, ամերիկեան Նիւ Եորք Թայզ-ը հաղորդած է իսրայէլցի զինուորական պաշտօնեայի մը խօսքերը, ըստ որոնց բանակը պիտի իրականացնէ «քայլ առ քայլ, ճշգրիտ եւ սահմանափակ նպատակով գործողութիւններ» Կազայի մէջ եւ անոր շրջակայքին։

Նախապատրաստուող յարձակումը, ըստ անոր, կը նպատակադրէ «կասեցնել Համասի մարտիկները՝ իրենց շարքերը վերադասաւորելէ եւ ապագայ յարձակումներու ծրագրելէ»։ Ան նաեւ շեշտած է, որ գործողութիւնները պիտի տարածուին Կազայի այն հատուածներուն ուղղութեամբ, որոնք մինչեւ հիմա իսրայէլցի զինուորներուն կողմէ երբեք չէին թիրախաւորուած կամ գրաւուած՝ 7 հոկտեմբեր 2023-ի պատերազմին սկիզբէն ի վեր։