image

Պլինքըն արաբական 6 երկիր կատարած շրջագայութենէն ետք վերադարձած է Իսրայէլ

Պլինքըն արաբական 6 երկիր կատարած շրջագայութենէն ետք վերադարձած է Իսրայէլ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, արաբական վեց երկիր կատարած շրջագայութենէն ետք, երկուշաբթի վերադարձած է Իսրայէլ՝ ՀԱՄԱՍ-ի հետ հակամարտութեան ծիրէն ներս բանակցութիւններու համար: Ինչպէս յայտնած է Al Arabiya-ն, այս մասին ըսած է AFP-ի՝ արտաքին գործոց նախարարի հետ ճամփորդող թղթակիցը:

Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան դիւանագէտը, որ հինգշաբթի համերաշխութեան այցով Իսրայէլ էր, վայրէջք կատարած է Թէլ Աւիւի մէջ եւ կը սպասուի, որ Երուսաղէմի մէջ կրկին կը հանդիպի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ: