«Արցախը անտեսել, Արցախը մոռնալ՝ կը նշանակէ մոռնալ միջնաբերդը Հայաստանի, կը նշանակէ մոռնալ կամուրջը վաղուան տեսլականին, մեծ տեսլականին, Ազատ, Անկախ, Ամբողջական Հայաստանին»
Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 104-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, Ս. Պատարագի ընթացքին Հանրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին:
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադիրներուն եւ անկախութեան ճանապարհին ինկած բոլոր նուիրեալներուն հոգիներու խաղաղութեան համար:
Արարողութիւններէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկաները ուղղուեցան Եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր հաւաքուած էին Հ.Մ.Ը.Մ-ի Մոնթրէալի ու Լաւալի մասնաճիւղերու սկաուտներն ու շեփորախումբը: Տեղի ունեցաւ աւանդական տողանցքը:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը անկախութեան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց ներկաներուն, այնուհետեւ, բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններն ու բոլոր սկաուտները:
Այս առթիւ Թեմակալ Առաջնորդը ըսաւ ՝«Մեր իրաւունքները, մեր հողը, մեր արժանապատուութիւնը, մեր սրբութիւնները պաշտպանելու ենք։ Այսօր կը տեսնենք, որ հայրենի իշխանութիւնը, յանուն աթոռի, սեղանի վրայ կը նստի, սակարկութեան դնելու մեր հայրենի տարածքները, մեր սրբութիւնները... Ո՛չ, սա ընդունելի չէ։ Փառք ձեզ նման երիտասարդներու, ՀՄԸՄ-ականներու, կուսակցականներու, Դաշնակցականներու՝ որոնք, ինչպէս 1918 թուականին, այսօր եւս, պատրաստ են պայքարը շարունակելու, թոյլ չտալու, որ մեզ նուաստացնեն։
Արցախը անտեսել, Արցախը մոռնալ՝ կը նշանակէ մոռնալ միջնաբերդը Հայաստանի, կը նշանակէ մոռնալ կամուրջը վաղուան տեսլականին, մեծ տեսլականին, Ազատ, Անկախ, Ամբողջական Հայաստանին»։
Լուրը ՝«Հորիզոն»էն