Աթէնք հրապարակուող «Ազատ օր»էն կը կարդանք ՝
Պրկուած ուշադրութեամբ կը դիտեմ առջեւս կանգնած մեր կազմակերպ երիտասարդներու ստուար խումբը, որոնք անդիմադրելի մղումէ մը ներշնչուած, իրենց պահանջատիրական ոգին ու կորովը կ՚արտայայտեն ատրպէյճանական դեսպանատան առջեւ։
27 Սեպտեմբեր 2021: Տարի մը անցաւ ազերիեւթուրք բանակի ու անոնց վարձկաններու յարձակումէն մեր արծուաբոյն Արցախին վրայ։ 44 օր ետք, ու հակառակ Հայաստանի պաշտօնական բերաններէն շարունակաբար լսուող «Յաղթելու ենք» կարգախօսին, հայ ժողովուրդը գտնուեցաւ կատարուած իրողութեան առջեւ, երբ պարտուողական համաձայնագիր մը կը ստորագրուէր, մինչ մարտերու դաշտերուն եւ ժայռերուն վրայ հազարաւոր հայորդիներ իրենց կեանքը մատաղ տուած էին ազգի բագինին։
Տարի մը անցած է պատերազմի արհաւիրքէն, որ արիւնաքամ դարձուց հայրենիք մը ամբողջ, իր ետին թողելով անթիւ վիրաւոր ու հաշմանդամ հայորդիներ, սերունդ մը լման անհետացաւ կեանքի անդաստանէն, անդին՝ որդեկորոյս մօր լացը, լուռ ու զուսպ արտասուքը՝ հայու նկարագիրին յատկանիշը, կը շարունակէ բարձրանալ երկինքն ի վեր, որպէս ողբ ու արդար բողոք՝ ժողովուրդի մը կորսուած զաւակներու դահիճին վրայ անէծք կարդալով։
Կը դիտեմ մեր երիտասարդները. անոնց պատասխանատու խօսնակին բամբ ձայնը կը ճեղքէ օդը ու իր բերնէն ելած բառերը մէկ առ մէկ կը խոյանան դէպի վեր։ Պոռթկում, ցասում, բայց եւ պայքա՜ր, արթնութեան ղօղա՜նջ։ Ըմբոստ երիտասարդին էութենէն բխող ցեղին ձայնը Դանիէլ Վարուժանի «Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի, Ձեզի ընծայ՜, հայ մարտիկներ»ու ձօնն է, որ համակած է իրենց կեանքի արշալոյսին գտնուող այդ թարմ տղաքն ու աղջիկները։
Կը մտածեմ՝ «Ինչո՞ւ միայն անոնք, ո՞ւր են իրենց տարեկիցները, ո՞ւր է բովանդակ ժողովուրդը, ո՞ւր է իմ հայրենակիցը»։
Հայը տակաւին կ՚ողբայ։ Հայը իր տան չորս պատերուն մէջ նստած, գլխիկոր, իր արտասուքով կը թրջէ անհետացած մեր երիտասարդներու չապրուած գարունները։
Հայը իր մղձաւանջը կ՚ապրի դարձեալ։ Կը ճամբորդէ դէպի ետ, կը թափառի կիզիչ անապատներուն մէջ, ոսոխի անգութ սուրը կը տեսնէ, կորսուած օճախը կը փնտռէ, կը կանչէ՝ Մուշ, Վան, Կարս, Արցախ…։ Կը մտածէ, որ պատմութեան անողոք պահը դարձեալ իր առջեւ ցցուած, կը խլէ իր կեանքի վերջին յոյսը՝ իր Արցախը, իր Սիւնիքը…։
Այդպէս է հայը։ Ողբն ու կորուստը իր պատմութեան մասնիկները եղած են։
Տուած է, սակայն գիտցած է նաեւ ետ առնել այն ինչ որ իրն է, իր կեանքն է։
«…Գիտենք դեռ չանցած վէրքերից տնքալ… գիտենք քուէարկել մեր կեանքով նաեւ, իսկ եթէ պէտք է խաւարը ցրել, գիտենք մոխրանալ որպէս վար կերոն» կը պատգամէր աննման Սեւակը։
Հայորդի՛, ոտքի կանգնի՛ր, միացի՛ր տարեկիցիդ. ան մինչեւ այսօր չէ կքած։ Ձայնդ բարձրացո՛ւր, բռունցքդ ճօճէ՛։ Տե՛ս, թշնամին իր շէնքի պատուհաններուն ետեւը կանգնած՝ սարսափահար քեզ կը դիտէ։ Ցնցուած է, անհոգ չէ։ Գիտէ, որ հոն ես, Արցախէն ու Սիւնիքէն մղոններ հեռու, բայց սիրտդ անվեհեր կանգնած է սուրբ հողիդ վրայ, որ քուկդ է, իրը չէ, ինք օտար է այդ հողին վրայ, գիտէ որ դուրս պիտի շպրտուի, բաւ է, որ դուն ոտքի կանգնիս, եղբօրդ միանաս։
Արցախի վրայ շղթայազերծուած անարգ պատերազմի 44 օրերը, մէկ առ մէկ, մինչեւ 9 Նոյեմբեր, թող դառնան ինքնագիտակցութեան օրեր, կոտտացող ցաւը թող վերածուի իրական «Յաղթելու ենք» համազգային կոչի։
Անսանք կոչին, ցեղի ձայնն է, որ կը կանչէ։ Պիտի համախմբուինք, մարմին ու բռունցք մէկի վերածած՝ պիտի բարձրացնենք յաղթութեան պատը։ Հայրենի հողին վրայ մարտնչող մեր արիւնակիցին ցոյց պիտի տանք, որ սփիւռքացած հայը կանգնած է անոր կողքին, ինչպէս 44 ահաւոր օրերուն ան իր եղբօր մինակ չթողեց։
Հայրենակի՛ց, յաջորդ կոչին այլեւս հերիք է արցունք թափել։ Եկո՛ւր եւ միացի՛ր պայքարող երիտասարդին։
Մեր սրտի պարտքն է. պայքարը հայու ճակատագիրն է։ Պիտի չհաշտուինք ցաւին հետ։
ԴԻՏՈՂ