Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «սրտանց» շնորհաւորած է Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Պելառուսիոյ նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու կապակցութեամբ:
«Ընտրութիւններուն համոզիչ յաղթանակն ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ Ձեր բարձր քաղաքական հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ բնակչութեան անկասկած աջակցութիւնը Պելառուսիոյ պետական ուղիին», - գրուած է շնորհաւորական ուղերձին մէջ։
Փութին ընդգծած է, որ Մոսկուան եւ Մինսքը պիտի շարունակեն սերտօրէն փոխգործակցիլ ռուս-պելառուսական բազմաբնոյթ համագործակցութեան հետագայ զարգացման, Միութենական պետութեան հիմնարկներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ եւրասիական տարածքին մէջ փոխշահաւէտ համարկային գործընթացներու խթանման ուղղութեամբ։
Լուքաշենքօն, hանրապետութեան ԿԸՅ նախնական հաշուարկներով, ստացած է ընտրողներու 86,82 տոկոսի աջակցութիւնը։ Ան Պելառուսիան կը ղեկավարէ 1994-էն ի վեր: