image
Հրատապ լուրեր:

Փութին քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի վերջին զարգացումները

Փութին քննարկած է  Լեռնային Ղարաբաղի վերջին զարգացումները

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինն Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու հետ քննարկած է ԼՂ-ի մէջ իրավիճակի սրումը։ Այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»ն։

Ան նշած է, որ ընդգծուած է եռակողմ պայմանագրի բոլոր դրոյթներու կատարման անհրաժեշտութիւնը։

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը, Դաշնային խորհուրդի խօսնակ Վալենթինա  Մատվիենքօն, Քրեմլի վարչակազմի ղեկավար Անթոն Վայնոն, ներքին գործոց նախարար Վլատիմիր Քոլոքոլցեւը, Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքովը, պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիկոլայ Պատրուշեւը եւ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը։