Մասաչուսէթսի Արհեստագիտութիւններու հիմնարկի փրոֆէսոր Տարօն Աճեմօղլուի կարծիքով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը ինքն իրեն լիովին մեկուսացուած դարձուցած է:
«Փութինի կառուցած համակարգի կարեւոր առանձնայատկութիւնն այն է, որ ան ինքն իրեն լիովին մեկուսացուցած է: Ան շրջապատուած է մարդոցմով, որ ամէն ինչի մէջ համաձայն են իր հետ, եւ ան աւելի ու աւելի կը խորանայ սեփական քարոզչութեան մէջ», ըսած է Աճեմօղլուն:
«Նոյնը կը վերաբերի Էրտողանին: Նոյն գործընթացները կը տեսնէք ափրիկեան շատ երկրներու մէջ, ուր կը տիրեն կլեպտոկրատ կառավարիչներ: Իրավիճակը շատ վտանգաւոր կը դառնայ, քանի որ բոլոր հաստատութենական հակակշիռները կը դադրին գործելէ: Անոր վրայ հիմնուած է Փութինի կառուցած համակարգը: Այլեւս ձայներ չկան, որոնք կ'ըսեն իրեն, որ այն, ինչ ան կ'ընէ, կործանարար պիտի ըլլայ իր եւ Ռուսաստանի համար: Կը կարծեմ, որ Փութինի շրջապատը երթալով պիտի սկսի ըսել, որ այս ամէնուն մեղաւորը Արեւմուտքն է, որ զէնք կը մատակարարէ Ուքրանիոյ. «եւ մենք պէտք է անոնց դաս տանք»: Եւ կրկին, չկայ ձայն մը, որ անոնց ըսէ, որ այդ իսկական խելագարութիւն է, որ այդ իսկապէս վտանգաւոր է: Այնպէս որ, սա շատ անկանխատեսելի փուլ է», ըսած է ամերիկացի տնտեսագէտը: