image
Հրատապ լուրեր:

Փութին չի հրաժարիր իր պահանջներէն

Փութին չի հրաժարիր իր պահանջներէն

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կրկնած է այն պայմանները, որոնց կատարման պարագային պատրաստ է դադրեցնելու պատերազմը Ուքրանիոյ դէմ:

«Քիեւը պէտք է ճանչնայ Լուկանսքի եւ Տոնեցկի «ժողովրդական հանրապետութիւնները», Ռուսաստանի ինքնիշխանութիւնը Ղրիմի մէջ, ապառազմականացուի եւ պարտաւորուի հետագային չհամալրել զինանոցը միջուկային զէնքով», ըսած է Փութին՝ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ զրոյցին ընթացքին:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, հեռախօսազրոյցը կայացած է Մատուրոյի նախաձեռնութեամբ, որ եւս ընդգրկուած է արեւմտեան պատժամիջոցներու ցանկին մէջ` ժողովրդավարութիւնն ու մարդու հիմնարար իրաւունքները ոտնահարելու համար: