image

Վերջ տալ Թայուանի օգնութեամբ Չինաստանը վերահսկելու պատրանքներուն. Փեքինէն կոչ՝ ԱՄՆ-ին

Վերջ տալ Թայուանի օգնութեամբ Չինաստանը վերահսկելու պատրանքներուն. Փեքինէն կոչ՝ ԱՄՆ-ին

Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ու Ցիանը յայտարարած է, որ Չինաստանը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներուն յարգելու Փեքինի շահերն ու հրաժարելու Թայուանի օգնութեամբ Չինաստանի նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու պատրանքէն։ Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ յղում ընելով Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին։

«Չինաստանը կոչ կ'ընէ ԱՄՆ-ին իսկապէս հաշուի նստելու Փեքինի գերակայ շահերու ու լուրջ մտահոգութիւններու հետ, եւ հրաժարելու այն պատրանքէն, որ իրենք կրնան օգտագործել Թայուանը Չինաստանի նկատմամբ վերահսկողութիւն սահմանելու համար, եւ սխալ ճանապարհով աւելի ու աւելի հեռու չերթալ», - յայտարարած է Ու Ցիանը։

Յիշեցնենք, որ Ամերիկեան խորհրդարանի ստորին պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսին, հակառակ Փեքինի բողոքին, 3 օգոստոսին այցելեց Թայփէյ, որուն Չինաստանը ծայրայեղ բացասական արձագանգ տուաւ։

Փելոսիի նման քայլին ի պատասխան Չինաստանը մասամբ սահմանափակեց որոշակի ապրանքներու ներմուծումը Թայուանէն եւ արտահանումը Թայուան, ինչպէս նաեւ լայնամաշտապ զօրավարժութիւններ սկսաւ կղզիի շուրջ։