image

Եւրոպական Միութենէն զսպուածութեան կոչ

Եւրոպական Միութենէն զսպուածութեան կոչ

10 օր առաջ տեղի ունեցած մահացու միջադէպէն ետք շփման գիծի եւ միջազգային սահմանի երկայնքով հրադադարի յաճախակի խախտումներու մասին վերջին հաղորդագրութիւնները մտահոգութեան տեղիք կու տան։ 

Եւրոպական Միութիւնը խստօրէն զսպուածութեան կոչ կ'ընէ՝ կանխելու որեւէ հետագայ սրացում։

Թուիթըրի իր էջին գրած է Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը։ 

«Ինչպէս բազմիցս կրկնած է, Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը վերահաստատէ Լաչինի միջանցքով տեղաշարժման ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ամբողջութեամբ վերականգնելուն, Ղարաբաղի մէջ կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներն ու հեռահաղորդակցական ծառայութիւններու անխափան աշխատանքն ապահովելուն ուղղուած իր կոչը»,- գրած է ան։