Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթըն ժամանած է Քիեւ։ Այս մասին ան յայտնած է X-ի իր էջի միջոցաւ։
«Ես հիմա նոր ժամանեցի Քիեւ՝ հանդիպելու ուքրանացի առաջնորդներու հետ: Ես այսօր այստեղ եմ կարեւոր ուղերձ փոխանցելու համար. Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ ռուսական յարձակման դէմ ազատութեան համար պայքարին՝ այժմ եւ ապագային», - գրած է Օսթըն:
Փենթակոնի ղեկավարի այցը Քիեւ տեղի կ՚ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Ուքրանիոյ նոր օգնութեան յատկացման մասին յիշատակում չպարունակող ժամանակաւոր պիւտճէի ընդունման լոյսին տակ։
Ըստ Bloomberg-ի՝ Ուքրանիոյ Միացեալ Նահանգներու նոր օգնութիւնը յետաձգուելու վտանգի տակ է մինչեւ դեկտեմբերի կէսերը, եւ թերեւս աւելի երկար: